Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Homenetmenbook.com իրագործուած է Հ.Մ.Ը.Մ.-Ֆրանսի քանի մը անդամներու կողմէ, դաստիարակչական ծրագրի մարզէն ներս։
Կեդրոնական Վարչութիւնը նկատի ունենալով արդիական միջոցի ներկայացուցած կարեւորութիւնը, որոշեց ստեղծել Homenetmenbook.com այս կայքէջը, որպէսզի գիրքի ձեւով գոյութիւն ունեցող դաստիարակչական այս ծրագրերը հասանելի դառնան Հ.Մ.Ը.Մ.-ի բոլոր մասնաճիւղերուն, ապահովելով համացանցային դրութեամբ տարբերակ մը եւս։
Այս կայքէջի միջոցով տրամադրելի կը դառնան սկաուատական նիւթեր, նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի պատմութիւնն ու կանոնագիրը։
Ստորեւ նշուած կապը ձեզի առիթ կու տայ այդ տեղեկութիւնները գտնելու։
Ան կանոնաւոր այժմէականացման պիտի արժանանայ։